2017-08-04 09:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. կրօններու խաղաղութեան յանձնառումը` պատերազմի ու ահաբեկչութեան դէմ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աղօթել եւ միասին գործել վասն խաղաղութեան''. Այս է յանձնառումը բոլոր կրօններուն որոնք կանչուած են կառուցելու ''ներդաշնակութիւնը` աշխարհի բազմաթիւ վայրերու մէջ որոնք յօշոտուած են պատերազմէն'' եւ ''ահաբեկչութենէն''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յորդորը Պուտայականներու աւագ քահանայ` Քոէյ Մորիքաուայի ուղղած նամակին մէջ, Ճափոնի Քիոթօ քաղաքի Քիէյ լեռան վրայ 30 տարիներ առաջ տեղի ունեցող աղօթքի հանդիպումի տարեդարձի տօնախմբութիւններուն առթիւ։ 

Նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով վերոնշեալ տօնախմբութեան մասնակիցները իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ անոնց վստահեցնելով նաեւ իր աղօթքը ու հաստատելով թէ ''այս կրօնական հաւաքը կը նպաստէ կառուցելու երկխօսութեան ու բարեկամութեան հոգի` աշխարհի բոլոր կրօններու հետեւորդներու միջեւ ու միասին համագործակցիլ  որոնելու` մարդկային ընտանիքի համար խաղաղութեան նոր ուղիներ''։

Քահանայապետը ապա դիտել կու տայ թէ ''ժամանակակից աշխարհին մէջ որ յատկանշուած է բռնութիւններով, ահաբեկչութեամբ ու երկրագունդի` մեր հասարակաց տան դէմ ահազանգներով, աղօթքի ու կարեկցութեան վկայութիւնը հիմնական պատգամ մը կը փոխանցէ բոլոր բարի կամք ունեցող այրերուն ու կիներուն'', Ան ապա կ՛աւելցնէ թէ որպէս հաւատքի մարդիկ կը հաւատանք թէ մնայուն խաղաղութիւնը կարելի է` որովհետեւ գիտակից ենք թէ ոչ մի բան անկարելի է եթէ աղօթքով դիմենք Աստուծոյ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.